Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհանդէս-ներկայացումը՝ Թորոնթոյի մէջ

Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի հայ աւետարանչական ընեկերակցութեան, տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհանդէս-ներկայացումը: Համադրումը եւ խմբագրումը դոկտ. Արտա (Պոյնէրեան) Ճէպէճեանի ստորագրութիւնը կրող եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած գիրքին շնորհանդէսը կը վայելէր ներկայութիւնը՝ հոգեւոր հայրերու, հայր Եղիա ծվ Քիրէճեանի, տէր Հայկ քհն․ Շահինեանի, պատուելիներ Արա Պալըգճեանի եւ Զօհրապ Սարգիսեանի, հայկական վարժարաններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, յարգարժան հիւրերու եւ ընթերցասէր թորոնթոհայութեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միհրան Ճիզմէճեան եւ, Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խնամակալութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հեղինակին, ապա՝ երրորդ գիրքին հրատարակման բերկրալի առիթով շնորհաւորեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ օրհնաբեր շնորհանդէս մը ունենալու մաղթանքը փոխանցեց բոլորին։

Գլխաւոր բանախօս տոքթ․ Անի Հասըրճեան կատարեց գիրքին բովանդակ ներկայացում-վերլուծումը, որուն ընթացքին պարբերաբար ներկայացուեցան հեղինակին կենսագրականը, ընթերցումներ՝ գիրքի յօդուածներէն, ասմունք եւ երաժշտական գեղարուեստական կատարումներ։

Տոքթ․ Անի Հասըրճեան իր խօսքը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ այն անհուն բարիքներուն համար, որոնք մենք կը վայելենք ամէն օր։ Բանախօսը շնորհակալութիւն յայտնեց հասարակական գործիչ եւ մտաւորական, վաղեմի բարեկամ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին՝ գիրքին ներկայացումը իրեն վստահելուն համար։ Գիրքը ներկայացնելով, բանախօսը ըսաւ․ «2018-2022 թուականները հեղինակին կողմէ գրուած մօտ 80 յօդուածներու հաւաքածոն՝ ժամանակագրական հերթականութեամբ խտացած է գիրքին 395 էջերուն մէջ։ Յօդուածները նախապէս լոյս տեսած են հայկական լրատուական պարբերաթերթերու մէջ՝ Լիբանանի եւ սփիւռքի տարածքին։ Մաքրամաքուր արեւմտահայերէնով եւ հաճելի ոճով Ճէպէճեան կ'անդրադառնայ դրական դէպքերու, նաեւ՝ այժմէական զանազան իրադարձութիւններու։ Նիւթերը ընդհանրապէս հայկական ազգային, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներու մասին են, զորս հայերը կը դիմագրաւեն իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին, Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ։ Հեղինակը աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ նկատած «պատկերներ»-ուն ընդմէջէն ո՛չ միայն կ'անդրադառնայ հայկական սփիւռքի համայնքային կեանքին, այլեւ կը շեշտէ հայ ժողովուրդի հայապահպանման դժուարին մարտահրաւէրը՝ մշակոյթի, հաւատքի եւ հայկական ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ, մասնաւորաբար հայրենիքէն դուրս»։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կենսագրութիւնը ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդացի անդամ Ալին Սարմազեան։ Ան անդրադարձաւ հեղինակին բեղուն գործունէութեան, հրապարակած գիրքերուն ու ստացած զանազան պարգեւներուն։

Դարձեալ խօսք առաւ օրուան բանախօսը, որ վերլուծեց գիրքին խորագիրն ու յօդուածներու նիւթերը։ Տոքթ․ Հասըրճեան մատնանշեց, որ գրեթէ բոլոր յօդուածներուն մէջ Ճէպէճեան ինքնատիպ ոճով կը ներկայացնէ իր ճամբորդական նօթագրութիւնները, յիշատակներու մտորումները եւ քիչ մի փիլիսոփայական, աստուածաբանական ու քրիստոնէական վերլուծումները։ Հեղինակը նկարագրելու իր իւրայատուկ տաղանդով՝ կը ձգտի «Ազգագրական պատկերներ»-ը նկարներու նման հրամցնել ընթերցողին եւ այնտեղ կ'արտացոլայ իր հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, հայրենասէր եւ Հայ դատի պահանջատիրութեամբ մտահոգ-տառապող, բայց լաւատեսութեամբ յուսադրուած անհատը …այսպէս շահեկան յօդուածներով ան կ'ոգեւորէ իր ընթերցողը, որովհետեւ ան աշխատասէր ու արդիւնաւետ այն գրողն է, որ նախ ինք կը հաւատայ իր գրածին, ապա՝ իրապաշտ պատկերներով կը ներկայացնէ հայ անհատը։

«Ճէպէճեան հպարտ է իր ինքնութեամբ որպէս հայ քրիստոնեայ։ Հակառակ անոր որ ան կը հաւատայ, թէ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որ ծնած է Հայաստանէն դուրս տարբեր երկրի մը մէջ, այդ երկրին քաղաքացին է՝ ստանալով օտար երկրի մշակոյթը եւ կենցաղը, սակայն ան համոզուած է, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է նաեւ, որպէս հայ՝ ամուր կառչի իր արմատներուն եւ ինքնութեան», դիտել տուաւ Հասըրճեան:

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական խմբակի անդամ Կապրիէլլա Պաթիկեան տպաւորիչ կերպով ընթերցեց «Եթէ կ’ուզես կ’ըլլայ» յօդուածը, որ կը պատմէ Ֆրանսահայ օրիորդի մը հայերէնի իմացութեան եւ հայապահպանման իմաստով ունեցած կամքի հզօրութեան մասին։

Եկեղեցւոյ երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի, խմբավար տիկին Սոնա Հովսէփեանի, եւ դաշնակի նուագակցութեամբ՝ տոքթ. Ռոբովդ Ապտալեանի, կատարեց «Շրջեցայ Տէր իմ Աստուած» հոգեւոր երգը, որ իր քաղցրութեամբ եւ երաժիշտներու հմտութեամբ աղօթքի տպաւորութիւնը շնորհեց ներկաներուն։

Գիրքին մէջ ներկայացուած կերպարներուն, հեղինակին անձին մասին խօսող բանախօսը շեշտադրում ըրաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին դրական, բարի, լաւատես եւ քրիստոնէավայել նկարագրով հայու կերպարին, որ կարելի չէ անջատել հեղինակէն։ Ընտանիք, եկեղեցի եւ ազգ անբաժան երրորդութիւն են հայ անհատի մարդակերտման ընթացքին մէջ։ Հեղինակը իր յօդուածներուն ընդմէջէն կը բացայայտէ այս երրորդութեան կարեւորութիւնը։ Անոր հրապարակած իւրաքանչիւր յօդուածին մէջ կը բացայայտուին իր հայու հոգին եւ քրիստոնէական հաւատքը, որոնք զինք մղած են «ջանքի մէջ թուլասիրտ չ'ըլլալու», աշխատասիրութեամբ, միշտ բարի գործերով, հայրենասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ լաւատեսութեամբ յառաջ երթալու։ Ան մեծապէս կը գնահատէ եւ երախտապարտ է այն հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան համար, որ ստացած է Ճէպէճեան նահապետական եւ քրիստոնէական պահպանողական բարքերով զգաստ ընտանիքի մը մէջ։

Անցեալի յուշերը ներկայացնող եւ վաղեմի հայրենասէր ընկերներու հետքերը վերլուծող «Արդեօք ովքե՞ր են» յօդուածը հոյակապ ձեւով ներկայացուց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ, ՀՕՄ-ի «Պապայեան» մանկապարտէզի եւ «Գոլոլեան» նախակրթարանի փոխտնօրէն Զէլա (Սարմազեան) Գագուսեան։

Ճէպէճեանի «Հաշուեյարդար»-ը ազդեցիկ ոճով ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Երիտասարդացի անդամ եւ Գանատայի հայ աւետարանչականի վարչական Ռէմի Կըրկէս։

Ընտանիքի կառուցուածքին եւ աւանդութիւններու պահապանման ազդեցութիւնը ակնյայտ կերպով ցայտուն դեր կը խաղայ հեղինակին գրականութեան մէջ, որուն շուրջ խօսեցաւ բանախօսն ու ըսաւ․ «Յետադարձ ակնարկով ան իր ընտանեկան արմատներուն կ'անդրադառնայ՝ Այնթապէն, Հասան Պէլիէն հասած մինչեւ Քէսապ, ապա՝ Հալէպ եւ վերջապէս Պէյրութ, ուր ծնած եւ հասակ առած է ան: Ճէպէճեան կը հաւատայ, թէ մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները կը փոխանցուին ընտանիքէն, որպէս ժառանգ՝ սերունդէ սերունդ։ Այս հիման վրայ ան համոզուած է, թէ ազգային եւ ընտանեկան «աւանդութիւնները» պահելը եւ գուրգուրալով փոխանցելը մեր ինքնութիւնը պահպանելու կարեւորագոյն ազդակներն են։ Ճէպէճեան նաեւ կ'անդրադառնայ ընտանիքի կողքին եկեղեցւոյ եւ հայկական շրջապատի դերակատարութեան, իր պարագային Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ անոր երիտասարդական Ջանից ընկերակցութեան ներդրումը եւ ազդեցութիւնը իր նկարագրի կերտման մէջ…»։

Ընթերցումներու շարքին մաս կազմեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանէն Փաթիլ Մկրտիչեան եւ ընթերցեց «Ապրելու կամքը» յօդուածը, ուր հայօրէն ապրելու գրաւականին կարեւորութիւնը շեշտուած էր հեղինակին կողմէ։

«Հայապահպանումը ազգային դաստիարակութեան պարունակին մէջէն», յօդուածը իր իւրայատուկ եւ տպաւորիչ առոգանութեամբ ընթերցեց ՀՕՄ-ի «Լափոյեան» վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, ասմունքող Իրմա (Գապաքեան) Տէտէեան։

Բանախօս տոքթ. Անի Հասըրճեան, որպէս եզրակացութիւն անդրադարձաւ երեք կարեւոր իրողութիւններու, որոնք «Հայկական ազգագրական պատկերներու» միջոցով դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան կը փոխանցէ մեզի․

1. ՏԵՍԻԼՔ․ դարերէ ի վեր հայ քրիստոնեայ անհատը տեսիլքը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ՝ կառչելով իր նախահայրերու հաւատքին։

2. ԿԱՄՔ․ մեր նախահայրերէն մեզի ժառանգ մնացած է անոնց աննկուն կամքը, երբեք չթուլնալու, այլ՝ քաջաբար ու խիզախութեամբ դիմադրել դժուարութիւնները։

3. ՅՈՅՍ․ յոյսը ամօթով չի՛ ձգեր, եւ մենք որպէս քրիստոնեաներ պէտք ունինք այն յոյսին որ Աստուածաշունչէն կու գայ։

«Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր գիրքի միջոցով հայ ժողովուրդի զաւակներուն մեծ պատգամ մը կը փոխանցէ՝ զգաստութեամբ պահելու հայկական աւանդական փայլուն տեսիլքը, նախահայրերու հաստատակամ աննահանջ կամքը եւ քրիստոնէական հաւատքի անմառ յոյսը», իր խօսքը եզրափակեց տոքթ․ Հասըրճեան։

Բանաստեղծ, Թորոնթոյի «Հայ հորիզոն» հեռատեսիլի նախկին խօսնակ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նախկին դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան իր սրտի խօսքին մէջ Հրայր Ճէպէճեանի աշխարհահայեացքին եւ առաքելութեան վառ պատկերը ընդգծեծ եւ դիտել տուաւ, որ հեղինակին որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է. փնտռել ու վերհանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Ան կ’որսայ յոյսը, հայո՛ւն յոյսը, մա՛րդ արարածին յոյսը, այսինքն՝ գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ուր կ’այցելէ, իւրաքանչիւր հայու որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդուն անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ’ապրի եւ կ’ապրեցնէ իր ճանապարհագրութիւններուն ընդմէջէն: Ան իր խօսքին աւարտին, իր ընկերոջ՝ հեղինակին ուղղելով խօսքը ըսաւ․ «Սիրելի՛ Հրայր, զիս կը զարմացնէ քու յամառ ճիգդ սեւին ու մոխրագոյնին մէջ փնտռելու եւ գտնելու ծիածանի գոյները. գիտեմ, որ դժուար առաքելութիւն մըն է այդ մէկը, բայց կը հաւատաս այդ առաքելութեան եւ այդ մէկը գրաւականն է քու յաջողութեանդ: Շարունակէ թիաւարել մինչեւ այն ատեն որ կը տեսնես դուն այդ գոյները քու տեսադաշտիդ մէջ եւ պարգեւէ մեզի հաճոյքը այդ գիւտին»:

Կոմիտասի «Կռունկ»-ը հիասքանչ եւ հոգեթով պահերու առիթ ստեղծեծ, երբ հնչեց Լափոյեան վարժարանի աշակերտ Գաթրին Գանտահարեանի ջութակի լարերէն՝ Սօնա Յովսէփեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ իր կարգին շատ լաւ տպաւորուած էր բովանդակալից եւ բացառիկ կազմակերպուած ձեռնարկով, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ ըսաւ․ «Թորոնթօ կը գտնուիմ մեծ մաշտապով համաշխարհային ժողովի մը մասնակցելու եւ այսօր երկարատեւ ու բաւական յոգնեցուցիչ ժողովներէ ետք, երբ պատրաստուեցայ դուրս գալու, ժողովականները հարցուցին՝ «Ո՞ւր», պատախանեցի՝ «Ինքնութիւնս զիս կը կանչէ»։ Ինքնութիւնս` ո՛չ միայն այսօր, այլ 34 տարիներէ ի վեր պաշտօնիս բերումով անընդհատ զիս կը կանչէ։ Անընդհատ կը ճամբորդեմ եւ ո՛ւր որ ալ ըլլամ փնտռած եմ հայը, որպէսզի անոր ապրելակերպին, մտածումներուն, առօրեայ պայքարին, մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանութեան ուղիով տարած իր ջանքին ծանօթանամ, կ’ուզեմ անոր բազկերակը շօշափել եւ իմանալ, թէ որպէս հայ ինչպիսի՞ կեանք կը վարէ ան տուեալ երկրին մէջ։ Անշուշտ միշտ վարդագոյն չեն եղած տեսածներս, սակայն ես միշտ լաւատես եմ, որովհետեւ քրիստոնեայ եմ, այսինքն՝ յոյսի ու լոյսի մարդ… գիտեմ, որ մենք ունինք մեզ միաւորող պատմութիւն, հայ մշակոյթ, պահանջատիրութիւն եւ քրիստոնէական հաւատք»: Հեղինակը մատնանշեց, որ մեր ազգը կը դիմագրաւէ դժուար օրեր, որոնք յաղթահարելու համար Հայսատանի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է: «Ահաւասի՛կ այսօր Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը այցելեցի եւ հիացայ 670 հայ նոր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչները տեսնելով։ Սիրտս հրճուեցաւ ու հոգիս խայտաց զիրենք տեսնելով, կեցցե՛ն վարժարանն տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները, որոնք լաւագոյն ձեւով մեր լուսաւոր ապագայի ներկայացուցիչները կը պատրաստեն…», իր խօսքի աւարտին ըսաւ Ճէպէճեան։

Բովանդակալից ձեռնարկի աւարտին պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի փակման խօսքէն անմիջապէս ետք Հռութ Տեմիրճեան Տէնիք եւ պատուելի Սարգիսեան՝ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ՝ յուշանուէր մը յանձնեցին դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին։

Մակար Երկմալեանի «Հայր մեր»-ով եւ օրհնութեան աղօթքով աւարտին հասաւ ձեռնարկը, ապա՝ բոլոր ներկաները ուղղուեցան վեր. «Մովսէս Ճանպազեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում եւ հեղինակին հետ հարցազրոյց, զոր վարեց Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան։

Սրահին մէջ ներկաները ճաշակեցին ճոխ հիւրասիրութիւն մը՝ յանձնախումբին եւ եկեղեցւոյ տիկնանց ձեռամբ պատրաստուած եւ «Էլնեժմէ» վաճառատան տիրոջ՝ Յարութ Սիփանի նուիրատուութեամբ։ ֎

Թղթակցութիւնը լոյս տեսած է մեր նոյեմբեր 2024-ի թիւին մէջ։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Ֆլանտրիոյ դաշտերուն մէջ

Next
Next

Միսիսոկայի մէջ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւնը՝ Սէրուժ Գրաճեանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներու կատարումներով