«Պուրակ» հարթակը՝ արեւմտահայերէնով գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան

«Պուրակ» հարթակը՝ արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարանը. «Նման հարթակները մեր գաղութներէն ներս կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր, ուր աշակերտները ոչ միայն արեւմտահայերէն կը սորվին, այլ՝ հայերէն լեզուով կը ստեղծագործեն» կ’ըսէ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը վերջերս յայտարարեց 7-10 տարեկան երեխաներու համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարանի մը՝ «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը:

Ըստ ճեմարանի տնօրէնութեան հրատարակած հաղորդագրութեան, ծրագիրին նպատակն է զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման եւ այլազանել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու մատուցման եղանակները՝ առաւել եւս արմատացնելով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը: Հարթակը ծնունդ առած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի հովանաւորութեամբ:

«Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքներուն հիման վրայ, աշակերտները տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու առաջին տարիներուն, հիմնական բոլոր նիւթերու դասաւանդութիւնները կը ստանան իրենց մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Հետեւաբար, այլազան կարողութիւններով օժտուած եւ ներկայ արհեստագիտացած առօրեային մէջ ապրող հայ երեխային համար նման ծրագիրի մը իրագործումը կը նպաստէ, որ լսատեսողական արդի եւ ժամանակակից միջոցներով պատրաստուած «Պուրակ»-ը երեխային ընծայէ արեւմտահայերէնով յաւելեալ ընդհանուր զարգացում: Ան կ’ընդգրկէ հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան ոլորտները», տնօրէնութիւնը կը յայտնէ իր հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարթակին գիտելիքներու եւ նիւթերու ներկայացումը կը կատարուի կարճ տեսերիզներու (short animated movies) եւ համապատասխան տպուող թերթիկներու (printable documents) միջոցով. պատրաստուած տեսերիզները, աստիճանաբար բարդացող վարժութիւնները եւ օժանդակ թերթիկները կ’ապահովեն նիւթերու եւ յղացքներու լսատեսողական միջոցներով փոխանցումը եւ տրամաբանական զարգացումը, նպաստելով երեխային ընդհանուր զարգացման:
«Թորոնթոհայ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը (Raffi Sarkissian) յայտնեց, որ վարժարանին տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը մեծ ուրախութեամբ կ’ընդունին «Պուրակ» արեւմտահայերէն հարթակի մեկնարկի յայտարարութիւնը: «Մեր ուսուցիչները արդէն իսկ խանդավառուած կը սկսին ծրագրելու միջոցներ՝ օգտագործելու հարթակը իրենց դասարաններէն ներս: Արեւմտահայերէնի այս արդիական դասաւանդման միջոցը անպայմանօրէն նաեւ պիտի խանդավառէ մեր աշակերտութիւնը», կ’ըսէ Սարգիսեանը:

«Պուրակ»-ի աշխատակազմը կը բաղկանայ ճեմարանի անձնակազմէն՝ ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ: Աշխատանքը բաժնուած է երկու գլխաւոր բաժիններու՝ մանկավարժական եւ «թեքնիք»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր պատասխանատուն եւ համապատասխան աշխատակիցներու խմբակը:

««Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին՝ հաւատալով անոր նպատակին. աշխատանքի ընթացքին յաճախ ստացանք ստեղծագործ նոր առաջարկներ, յառաջիկային զանոնք կիրարկելու համար։ «Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները կը հաւատան, որ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն կամ ծնողներուն համար, նմանօրինակ հարթակներ եւ այլազան գրաւիչ ու ստեղծագործ նորարարութիւններ անհրաժեշտութիւններ են հայ երեխաներուն համար դպրոցէն ներս, կամ ժամանցի պահուն», կը յայտնէ ճեմարանի տնօրէնութիւնը:

«Պուրակ»-ը հասանելի է Bourag.com կայքէջով, որուն մէջ տեսերիզներու եւ թերթիկներուն առաջին բաժինը արդէն իսկ զետեղուած է հարթակին վրայ: Հարթակը կը սկսի 11 տեսերիզներով եւ 22 տպուող թերթիկներով եւ շաբաթական կը թարմացուի նոր տեսերիզներով եւ տպուող թերթիկներով:

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը յոյս ունի, որ այս տեսակի նախաձեռնութիւնները կը շատնան եւ կը զարգանան: ««Պուրակ»-ի նման հարթակները մեր գաղութներէն ներս կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր, ուր աշակերտները ոչ միայն արեւմտահայերէն կը սորվին, այլ՝ հայերէն լեզուով կը ստեղծագործեն», կը յայտնէ Սարգիսեանը:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Պղծուած աղը. Տիրուկին հետ

Next
Next

«ՏՏ ոլորտը սփիւռք-Հայասատան համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներից մէկն է»․ զրոյց՝ թորոնթոհայ հայրենադարձ Նժդեհ Ծատուրեանի հետ