Արցախահայութեան մարտահրաւէրներն ու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը
«Մեր յոյսը չենք կորցնում, որ մի օր կը վերադառնանք»․ այսպիսի համոզում կ’արտայայտեն շատ ու շատ արցախցիներ, որոնք, հազարամեայ իրենց բնօրրանէն բռնի գաղթէն գրեթէ մէկուկէս տարի ետք, կը շարունակեն մնալ տեղահանուածի կարգավիճակով եւ բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Հայեացքը իրենց բնօրրանին յարած՝ անոնց պայքարը այժմ կը շարունակուի Մայր հայրենիքի մէջ, յաղթահարելու կորուստի ցաւը, գաղթականի կարգավիճակը, կեցութեան եւ աշխատանքի դժուարութիւնները եւ այլ։
Ճգնաժամը յաղթահարելուն ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններու տրամադրած օժանդակութեանց եւ առաջարկած լուծումներուն անբաւարարութեան պայմաններուն մէջ՝ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան հասան եւ կը հասնին բազմաթիւ միութիւններ, կազմակերպութիւններ, անհատներ եւ կամաւորներ։
Համահայկական կառոյցներ, ինչպէս Հայ օգնութեան միութիւնը (Armenian Relief Society - Հայ Օգնութեան Միութիւն - ՀՕՄ) եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը տանին նաեւ Թորոնթոյի հայ գաղութէն ներս, աւելի քան երեսուն տարի միշտ եղած են Արցախի կողքին։ Անոնք իրագործած են բարեսիրական, կրթական, ընկերային, մշակութային բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք այսօր ուղղուած են Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան։ Բռնի տեղահանութենէն ետք իրագործուած եւ իրականացուող օժանդակութեան ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով՝ «Թորոնթոհայ»-ը զրուցեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեանի եւ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի (AGBU Toronto) գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեանի հետ, որոնք մեր ընթերցողները իրազեկ դարձուցին նշեալ միութիւններուն կողմէ տարուող աշխատանքներուն։
ՀՕՄ-ը այն եզակի միութիւններէն է, որ Արցախեան ազատագրական շարժման օրերէն սկսեալ միշտ եղած է Արցախի ու արցախահայութեան կողքին՝ իր աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքով նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն տրամադրելով անոնց։ ՀՕՄ-ը Արցախը կը համարէ իր ապրումներուն եւ յիշողութեան մէջ կեանք ստացած հայրենի տարածք մը, որուն բռնագաղթուած ժողովուրդը այժմ առաւել եւս իր հոգածութեան կարիքը ունի։
ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան իրականացուցած ծրագիրներու յաջողութեան մէջ իր ուրոյն դերը ունի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, որուն անդամները հսկայական աշխատանք կը տանին՝ իրենց ներդրումը բերելով ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներուն։
ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեան «Թորոնթոհայ»-ին դիտել կու տայ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ միութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը ի գործ դրած է՝ ձեռք երկարելու մեր քոյր եղբայրներուն: Խօսելով ՀՕՄ-ի տրամադրած աջակցութիւններուն մասին՝ ընկերուհին կը տեղեկացնէ, որ Արցախի հայաթափումէն ետք՝ անսալով Կեդրոնական վարչութեան կոչին՝ ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները անցան աշխատանքի՝ իրականացնելով սննդեղէնի, դեղորայքի, հագուստեղէնի, տնային իրերու, անկողիններու եւ բնակարաններու ապահովում։ Հաստատուած թէժ գիծերուն շնորհիւ՝ արձանագրուեցան հազարաւոր դիմումներ եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապաստանած արցախահայ ընտանիքներու բաժնուեցան աւելի քան 7500 արկղ սննդեղէն ու մաքրութեան միջոցներ։ ՀՕՄ-ի Դիլիջանի ճամբարին մէկ շէնքը բնակելի դարձնելէ ետք՝ տրամադրուեցաւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու։ Աւելի քան 445 արցախահայ ընտանիք ստացաւ նիւթական օժանդակութիւն, իսկ 832 ընտանիք՝ սննդամթերքի կտրօններ։ Նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցան Գորիս քաղաքի եւ մօտակայ գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած յիսունէ աւելի արցախահայ ընտանիքներու։ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» բժշկական կեդրոնին մէջ անոնց կը տրամադրուի ձրի բուժօգնութիւն։ Անհրաժեշտ է նշել, որ ՀՕՄ-ը նաեւ հովանաւորած է արցախցի երիտասարդներու համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բացող ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած «Վերելք Արցախ» ծրագրին երկրորդ փուլը։
Այս բոլորին կողքին՝ միութիւնը ունի «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը, որուն նպատակն է գիւղատնտեսութեամբ զբաղող արցախցի բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարաններ յատկացնել՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը կը վստահեցնէ, որ ՀՕՄ-ի Արցախի օժանդակութեան ծրագիրները կը կրեն շարունակական բնոյթ եւ ժամանակի ընթացքին՝ անոնց կ’աւելնան նորերը։
Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որ կը համարուի հայ իրականութեան մէջ ամենամեծ բարեսիրական միութիւններէն մէկը, իր կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական բազում ծրագիրերուն մէջ ներառած է նաեւ արցախահայութիւնը։ Ըստ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեանի՝ ՀԲԸՄ-ը Մայր հայրենիքի մէջ կ’իրականացէ արցախահայութեան աջակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ՝ մասնաւորաբար ընկերային աջակցութեան եւ աշխատանք գտնելու։
ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի գրասենեակը կ’օժանդակէ արցախահայութեան ուղղուած ծրագիրներուն․կը նախաձեռնուին ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց հասոյթը կ’ուղարկուի ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակ:
ՀԲԸՄ-ի սկզբնական ջանքերը Արցախի տեղահանուածներուն տաք կերակուր եւ սնունդ հասցնել էր, իսկ այժմ՝ շատ աւելին․ օրինակ՝ գիւղերուն մէջ կը բաժնուին հազարաւոր վառարաններ եւ հագուստեղէն, առողջապահական անվճար խնամք կը տրամադրուի բոլոր տարիքի հիւանդներուն, կը տրամադրուին դպրոցական ու համալսարանական կրթաթոշակներ, իսկ 2024 թուականի յունուարէն միութիւնը կրկնապատկած է իր ջանքերը՝ ապահովելու հոգեկան առողջապահութեան մասնագէտներու հասանելիութիւնը եւ հոգալու «Նայիրի» ճամբարին ծախսերը:
Տիկ․ Սալբի Տէր Ղազարեանի խօսքով՝ ՀԲԸՄ-ը անհրաժեշտ կը համարէ աւելցնել ծրագիրներուն թիւը ու անցնիլ կարճաժամկէտ ծրագիրներէն դէպի երկարաժամկէտ ռազմավարութիւններու մշակման, որ պիտի օգնէ խուսափելու նաեւ արտագաղթի աճէն:
Անգնահատելի են համահայկական կազմակերպութիւններուն արցախահայութեան օժանդակութեան ջանքերը, որոնք կ’իրականացուին մեծ զոհողութիւններու եւ կամաւոր աշխատանքի շնորհիւ։ Մեր միութիւնները՝ իրենց ուժերուն գերլարումով՝ հսկայական աշխատանք կը տանին արցախահայութեան ապահովելու արժանավայել կեանքով։
Պէտք է նշել, սակայն, որ մեր հայրենակիցներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է հաւաքական (կառավարութիւն եւ միութիւններ) աշխատանք, որպէսզի արցախահայ ընտանիքները չմտածեն գաղթելու մասին, այլ ունենան իրենց երդիքը Մայր հայրենիքի մէջ, հնարաւորինս Արցախին մօտիկ, պահեն իրենց մշակոյթը, լեզուն, սովորութիւններն ու բարքերը, մինչեւ գայ այն յուսալի պահը, երբ անոնք կը վերադառնան հայրենի Արցախ։ ֎
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2025 թիւին (#210) մէջ:
*Եօթամեայ Էդօն ու իր մայրը՝ Վայքի գաղթականներու կեդրոնին մէջ, սեպտ. 2023-ին. անոնք տեղահան եղան Արցախի Մարտունի շրջանէն: (լուսանկար՝ Սքաութ Թիւֆենքճեանի)