Տերեւաթափ. Արմէնուհի Գոլոլեան (1931-2024)
Թորոնթոհայ համայնքի սիւներէն՝ բարերար Արմէնուհի Գոլոլեանի (1931-2024) մահուան տխուր առիթով, «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրական կազմը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Գլոլոլեան, Շահինեան ու Արթինեան ընտանիքներուն ու համայն հարազատներուն եւ թորոնթոհայ համայնքի մեծ ընտանիքին: Տիկին Գոլոլեանը «Թորոնթոհայ» ամսագրի ամենէն աշխոյժ ընթերցողներէն ու զօրակցողներէն էր. այս տխուր առիթով կը ներկայացնենք շարք մը նամակներ, դամբանականներ, սրտի խօսքեր եւ յուշեր նուիրուած տիկին Գոլոլեանի յիշատակին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի...
***
We are profoundly saddened by the passing of one of the cornerstones of the Armenian community in Toronto, Mrs. Armenouhi Kololian (1931-2024). She was a benefactor, philanthropist, volunteer, and longtime reader and supporter of Torontohye newspaper. On behalf of Torontohye/Թորոնթոհայ's editors and staff, we extend our heartfelt sympathies to the Kololian, Shahinian, and Artinian families, Mrs. Kololian’s loved ones, and the Armenian community as a whole. Below, we present a collection of letters of condolences, eulogies, and personal reflections dedicated to Mrs. Kololian’s memory.
The memory of the just is blessed.
***
Ստորեւ կը հրապարակենք ընկհ․ Արմենուհի Գոլոլեանի մահուան առիթով արտասանուած ցաւակցական ուղերձները, դամբանականները, սրտի խօսքերը, որոնք լոյս տեսած են «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2024 թիւին մէջ․
***
Նամակ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսէն
Անթիլիաս, 5 յուլիս 2024
Սիրելի Գոլոլեան ընտանիքի անդամներ,
Այս առաւօտ խոր ցաւով իմացանք ձեր մօր՝ Արմենուհի Գոլոլեանի մահուան գոյժը: Խորապէս կը ցաւակցինք, եւ մեր սրտազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ձեզի եւ ձեր բոլոր հարազատներուն:
Քաջածանօթ ենք այն կարեւոր ներդրումին, զոր տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան ամոլը ունեցած է Թորոնթոյի մեր գաղութի կեանքէն ներս, որպէս բարերար ազգային, կրթական թէ ընկերային ծրագիրներու:
Երկրային կեանքին վախճանը հանդիսացող այս դառն իրականութեան դիմաց սակայն, մեր միակ մխիթարութիւնը քրիստոնէական հաւատքին մեզի տուած յարութեան յոյսն է։ Այդ յոյսով զօտեպնդուած, սա պահուն կը հայցենք, որ բարձրեալն Աստուած երկնային երանական խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ Արմէնուհի Գոլոլեանի հոգին, եւ զինք յաւիտենական կեանքի արժանացնէ։
Կ'աղօթենք առ ամենաբարին Աստուած, որ Սուրբ հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ ձեզ, եւ ձեզի ու ձեր հարազատներուն շնորհէ քաջառողջ եւ երկար տարիներ։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ ,
Աղօթաբար՝
Արամ Ա. կաթողիկոս
Մեծի տանն Կիլիկիոյ
***
Նամակ՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոսէն
Մոնթրէալ, 9 յուլիս 2024
Սիրելի Գոլոլեան ընաանիքի սգակիր հարազատներ,
Սրտի խոր վշտով տեղեկացանք ձեր մօր եւ հարազատին, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Գոլոլեան» նախակրթարանի բարերար, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանակիր՝ Արմէնուեի Գոլոլեանի մահուան տխուր լուրը։
Այսօր, Գոլոլեան ընտանիքը եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը կորսնցուց իր հաւատաւոր զաւակներէն մէկը։ Տիկին Գոլոլեան կրթական եւ ուսումնական ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս մեծ ներդրում ունէր։
Թող ամենաբարին Աստուած Իր երկնային երանաւէտ խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ իր հոգին ու ձեզ բոլորիդ պարգեւէ Սուրբ հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը։
Այս տխուր առիթով՝ ընդունեցէք Գանատայի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ողջ ժողովուրդին խորազգաց ցաւակցութիւնները։ Թող Սուրբ հոգին ինք դառնայ միակ մխիթարիչը ձեր ընտանիքին եւ րոլոր
հարազատներուն։
Մեր աղօթքն է, որ Աստուած իր բարի եւ ազնիւ հոգին ընդունի իր սիրողներուն վերապահուած տեղը ու մանաւանդ արժանացնէ երկնային լուսեղէն Սուրբ եւ անթառամ պսակին։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
Մնամք ջերմ սիրով եւ վշտակցութեամբ՝
Բաբգէն արքեպիսկոպոս
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
***
Կենսագրութիւն՝ Արմէնուհի Գոլոլեանի
ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւն
Ընկհ. Արմէնուհի Գոլոլեան ծնած է 1931-ին Գահիրէ, Եգիպտոս: Զաւակն էր Յակոբ եւ Տիգրանուհի Արթինեաններուն:
1951-ին, կ’ամուսնանայ Գէորգ Գոլոլեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Վահան եւ Նայիրի: Ունի չորս թոռներ՝ Յասմիկ, Դանիա, Գրիգոր եւ Քրիսթոֆեր եւ վեց ծոռներ՝ Գայա, Ֆէլիքս, Չարլս Արմէն, Ճիւլիէն, Լենիա եւ Գառնի:
1962-ին ամուսնոյն՝ Գէորգին եւ զաւակներուն՝ Վահանին եւ Նայիրիին հետ կը գաղթէ Թորոնթօ:
1963-ին, եօթը ընկերուհիներով կը վերահիմնէ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը եւ նոյն օրը կը կատարէ ՀՕՄ-ի երդումը Ապաճեաններու տան մէջ, ներկայութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սեդա Թէրզեանի:
1974-1976 թուականներուն, ընկհ. Գոլոլեան իր ներդրումը կը բերէ ՀՕՄ-ին, նախ իբրեւ վարչական անդամ, ապա իբրեւ ատենապետ:
1978-էն սկսեալ, ընկհ. Գոլոլեան իր ամուսնոյն հետ, գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ նոր Հայ Կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն, ապա 1979-ին՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Գոլոլեան Նախակրթարանի հիմնադրութեան: Ան 12 տարիներ վարժարանի ուսումնական մարմնին մաս կը կազմէ իբրեւ գանձապահ:
1983-ին, ընկհ. Գոլոլեան իր ամուսնոյն հետ, կ’արժանանայ «Կիլիկիոյ Իշխան եւ Իշխանուհի» շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին:
2001-ին, ընկհ. Գոլոլեան, իր լայնածաւալ կամաւոր ծառայութեան որպէս գնահատանք, Օնթարիօ նահանգէն կը պարգեւատրուի International Year of Volunteers գնահատագրին:
2013-ին, ընկհ. Գոլոլեան կը ստանաւյ ՀՕՄ-ի 50-ամեայ ծառայութեան զարդասեղը:
Իսկ 2023- ին, ընկհ. Գոլոլեան կ’արժանանայ ՀՕՄ-ի 60-ամեայ ծառայութեան գնահատագրին:
Նոյն տարին ընկհ. Գոլոլեան իր մօր՝ ընկհ. Տիգրանուհի Արթինեանի յիշատակին, կը հաստատէ հիմնադրամ մը ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան մօտ, անկէ ստացուած եկամուտը տրամադրելու համար կրթական եւ բարեսիրական նպատակներու:
Ընկհ. Գոլոլեան հիմնած է նաեւ «Գէորգ եւ Արմենուհի Գոլոլեան Կրթաթոշակ»:
Ան միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած է ՀՕՄ-ին , եկեղեցւոյ, ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինի եւ յատկապէս ամէնօրեայ դպրոցին:
Ընկհ. Արմէնուհի Գոլոլեան հպարտ էր, որ իր մայրը, ինքը, իր զաւակն ու թոռնիկը, այլ խօսքով չորս սերունդներ մաս կազմած են ՀՕՄ-ի ընտանիքին եւ կը սատարեն անոր վսեմ գործունէութեան: Ան վստահ էր նաեւ, որ հինգերորդ սերունդն ալ հպարտութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել ՀՕՄ-ի սուրբ առաքելութեան:
Ընկհ. Գոլոլեան իր երկարատեւ ծառայութեամբ, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է միութեանս եւ սատարած անոր վերելքին։
Աստուած լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իր հոգին ու մխիթարութիւն շնորհէ զաւակներուն, թոռներուն և բոլոր հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
***
Ընկերուհի Արմէնուհիին յիշատակին
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւն*
Խոր կսկիծով այսօր հրաժեշտ կու տանք մեր մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ հաւատարիմ անդամներէն ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանին:
Սէր, նուիրում եւ ծառայութիւն. երեք բառեր, որոնք ամենայն ճշգրտութեամբ կը ցոլացնեն ընկերուհի Գոլոլեանին նկարագիրը:
It is with deep sorrow that we gather today to say goodbye to one of the founding members of the ARS Toronto Roubina Chapter, ungherouhi Armenouhi Kololian.
Love, dedication, and service are the three words that best describe ungerouhi Kololian.
1962-ին ընկերուհի Գոլոլեանը, երբ նոր ժամանած էր Թորոնթօ, կը ծանօթանայ Ազնիւ եւ Կասիա Ապաճեաններուն եւ յաջորդ տարի, նոյեմբեր 1963-ին, Ապաճեաններուն ներքնայարկին մէջ, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ՝ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ջանքերով, կը վերակազմուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի
մասնաճիւղը՝ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ․ Սեդա Թէրզեանի ներկայութեամբ։
Այդ օրը մասնաճիւղիս առաջին ժողովը տեղի կ’ունենայ եւ անդրանիկ վարչութեան դիւանը կը կազմուի։ Ընկհ․ Գոլոլեան կ’ընտրուի վարչութեան գանձապահը։ Ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանը իր երդումը կու տայ այդ օրը եւ այդ օրէն սկսեալ գործի կը մղուի եւ հաւատքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի բոլոր աշխատանքներուն։
Այդ տարիներուն ընկերուհի Գոլոլեանը իր ներդրումը կը բերէ իբրեւ ՀՕՄ-ի վարչական անդամ եւ 1974-1976-ին՝ որպէս մասնաճիւղիս վարչութեան ատենապետուհի։
Ungerouhi Armenouhi, along with six other members, founded the Armenian Relief Society's Toronto chapter in 1963 and served as an Executive for many years. From 1974 to 1976, she chaired the chapter and actively participated in all its activities, always providing support and encouragement to members and anyone in need.
2013-ին ընկերուհի Գոլոլեան ստացաւ ՀՕՄ-ի Թորոթնոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 50 տարուան անդամակցութեան զարդասեղը եւ 30 ապրիլ 2023-ին ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ստացաւ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան կողմէ 60 տարուան անդամակցութեան գնահատագիրը։
2018-ին Ընկհ․ Գոլոլեան հիմեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան կրթաթոշակը, որ կը տրուի ուսանողի մը, որ Համալսարանի մէջ կը հետեւի Դաստիարակութեան ճիւղին։
In 2013, ungerouhi Kololian received her 50-year membership pin and certificate from the ARS Toronto Roubina Chapter. In 2023, she was honored with her 60-year membership certificate from ARS Canada.
Ընկերուհի Գոլոլեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամական ժողովներուն միշտ ներկայ կ’ըլլար եւ իր ներդրումը կը բերէր առաջարկներով եւ գաղափարներով։ Ան նաեւ միշտ ներկայ կը գտուէր ՀՕՄ-ի ձեռնարկներուն, մանաւանդ տարեկան տօնավաճառին եւ միշտ իրեն վստահուած պարտականութիւնները բծախնդրօրէն կ’ամբողջացնէր։
Ընկերուհին լաւատես էր եւ միշտ մեզ կը քաջալէր իր խրատներով եւ օրինակով։ Ան հետաքրքրուած էր իր ընկերուհիներով եւ բարեկամներով։ Կը հեռաձայնէր, երբ հիւանդ էինք եւ կը հետաքրքրուէր, կ’ուրախանար մեզմով եւ կը շնորհաւորէր մեր յաջողութիւնները։
Ungerouhi Kololian never missed a membership meeting and attended many chapter events. Her presence provided us with emotional and moral support.
Ընկ․ Գոլոլեան շատ հպարտ էր, որ իր մայրը՝ ընկ․ Տիգրանուհի Արթինեանը, ինքը, իր զաւակը՝ Նայիրին եւ թոռնիկը Յասմիկը, 4 սերունդներ մաս կազմած են եւ կը շարունակեն մաս կազմել ՀՕՄ-ի վսեմ գործունէութեան եւ 5-րդ սերունդը հպարտութեամբ պիտի շարունակէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդին համար։
Ungerouhi Kololian was proud to be the daughter of an ARS member, and she was equally proud that her daughter, Nairy, and her granddaughter, Hasmig, are also active and contributing members of the organization she loved and believed in. Four generations of women have served and continue to serve this cherished organization.
On behalf of the Executive Board of the ARS Toronto Roubina Chapter, I extend our sincere condolences to the family and friends of our founding member, Ungerouhi Armenouhi Kololian. May she rest in peace.
ՀՕՄ-ին Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանի ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ իր բարեկամներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկերուհի՛ Արմէնուհի։
*Արտասանեց Անի Հոթոյեան-Ժոլին՝ Արմէնուհի Գոլոլեանին յուղարկաւորութեան. 9 յուլիս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Թորոնթօ
***
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադիր բարերար Արմէնուհի Գոլոլեանի յիշատակին*
ՀՕՄ-ի աԱմէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը սրտի խոր կսկիծով կը սգան մահը «Գոլոլեան» նախակրթարանի հիմնադիր բարերար՝ տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի։
45 տարիներ առաջ, հաւատալով սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի կենսական գոյութեան եւ առաքելութեան, տիկին Արմէնուհի Գոլոլեան իր ամուսինին՝ պարոն Գէորգ Գոլոլեանի հետ միասին, սատարեց մեր վարժարանը հիմնելու աշխատանքին, սերմերը ցանելով ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Գոլոլեան» նախակրթարանին՝ իրենց իշխանական բարերարութեամբ: Առաւել եւս, տիկին Գոլոլեանը տասներկու տարիներ ծառայեց վարժարանի ուսումնական մարմինին մէջ՝ իբրեւ գանձապահ: Իր գործակիցներուն հետ միասին, իրենց վարքով ի ցոյց դրին կամաւոր աշխատանքի ոգին դպրոցական կեանքէն ներս, դասելով ան որպէս կենսական ներկայութիւն:
Տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի զոհողութիւնները 45 տարիներ առաջ օրինակ դարձան թորոնթոհայ գաղութի զաւակներուն եւ, որպէս դաստիարակիչ մեծ քայլ, ցոյց տուաւ, որ առանց սրտաբուխ անձնական զոհողութիւններու գաղութ կերտելը, պահելը եւ ծաղկեցնելը անկարելի է:
Տիկին Գոլոլեանը իր անզուգական համեստութեամբ, ազնուութեամբ, հոգատարութեամբ, անյատակ սիրով եւ քաջալերութեամբ եղաւ լաւագոյն օրինակը մեր վարժարանի աշակերտներուն, անձնակազմին եւ կրթական մարմինի անդամներուն: Ան մեծ հրճուանքով միշտ ներկայ եղաւ մեր վարժարանի ձեռնարկներուն, նոյնիսկ՝ երբ ատենօք իր առողջութիւնը վատ ըլլար: Եթէ կամքէ անկախ պատճառով ներկայ չըլլար, անպայման հեռաձայնով կը զօրակցէր մեզի:
Իր կատարած բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը եւ քաջալերանքը շարունակական էր եւ խիստ ազդու:
Տիկին Գոլոլեանը յաճախ կ’այցելէր կամ կը հեռաձայնէր վարժարան: Անձնական վկայութեամբ կրնամ ըսել, որ իր զօրակցական խօսքերը եւ խրախուսանքները իւրայատուկ էին: Երբ տեսնէի կամ խօսէի իրեն հետ, գիտէի իր խրատները պիտի ծառայէին որպէս ներշնչում եւ անհրաժեշտ կայծ՝ մեր գալիք աշխատանքներուն: Ան գիտէր ինչպէս յոյս ներշնչել դժուար պահերուն իսկ: Առիթ չէր փախցներ արտայայտուելու, թէ ինք որքա՜ն հպարտ էր վարժարանի շարունակական վերելքով, որուն սատարելու միշտ իր պատրաստակամութիւնը կ’արտայայտէր: Այսպէս, իր մշտական խնամքով կը ձեւաւորուէր մեր մտապատկերը որպէս վարժարան:
Տիկին Գոլոլեանի քաջալերանքով կազմուեցաւ նաեւ մեր նուագախումբը, որուն յաջողութեան նպաստեց մինչեւ վերջերս եւ իր նուիրատուութեամբ եւ փափաքով անուանեցինք զայն «Արամ Խաչատուրեան» նուագախումբ։
Վարձքդ կատա՛ր, մեր սիրելի պահապան հրեշտակ տիկին Գոլոլեան, շնորհիւ ձեզի, շրջանաւարտ սերունդներ պահեցին իրենց ինքնութիւնը, ծաղկեցուցին մեր լեզուն, յաջողութիւններ գտան իրենց անձնական կեանքերէն ներս եւ իրենց յաջողութիւնները ծառայեցուցին ի շահ քու սիրելի թորոնթոհայ համայնքի վերելքին որպէս ղեկավարներ եւ օրինակովդ՝ կամաւորներ:
Մեր վարժարանին մէջ մինչեւ այսօր հայ մանուկը հասակ կ՚առնէ ու կը կերտուի անոր ինքնութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը։ Թող հոգիդ խաղաղ հանգչի, քաջ գիտնալով, որ «Գոլոլեան» նախակրթարանի միջանցքներուն մէջ պիտի շարունակէ լսուիլ հայոց լեզուի արձագանգը եւ մեր բեմերուն վրայէն՝ «Արամ Խաչատուրեան» նուագախումբի երաժշտութիւնը։
*Արտասանեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան` Արմէնուհի Գոլոլեանին յուղարկաւորութեան. 9 յուլիս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Թորոնթօ
***
Սրտի խօսք ողբացեալ տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի մահուան առիթով
Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան*
Հաւաքուած ենք այս սուրբ տաճարին մէջ մեր յարգանքի վերջին տուրքը ընծայելու
սիրելի մօր մը, մեծ մօր մը, հարազատի մը, սրտակից բարեկամուհիի մը եւ պատուական
հայուհիի մը, յանձին նորոգ հանգուցեալ Արմէնուհի Գոլոլեանի: Աստուծոյ փառք կու
տանք, որ հանգուցեալին երկար եւ օրհնաբեր կեանք մը պարգեւեց եւ Արմէնուհին այդ
կեանքը գործածեց Աստուծոյ փառքին, հայ ազգին եւ մարդոց բարօրութեան համար:
Լման 64 տարուան բարեկամութիւն մը կայ իմ եւ Գոլոլեան ընտանիքին միջեւ: Ըսելիք
շատ բան կայ Արմէնուհիին բարեմասնութիւններուն մասին, սակայն հակիրճ կերպով
յիշենք միայն հետեւեալները.
Առաջին․ Արմէնուհի Գոլոլեան տնաշէն տիկին մըն էր: Ազնուական ընտանիքէ
սերած՝ ազնուական ընտանիքի մէջ հարս գնաց, ամուսնանալով պատուական հայորդիի
մը՝ Գէորրգ Գոլոլեանի հետ, եւ Աստուած օրհնեց զիրենք մանչ եւ աղջիկ զաւակներով,
Վահանով եւ Նայիրիով, որոնք իրենց կարգին ճոխացուցին ընտանիքը շնորհալի
զաւակներով եւ թոռներով:
Երկրորդ․ Արմէնուհին հայրենասէր կին էր: Իր հօրենական տան մէջ ազգային
շունչով մեծցաւ: Իր ամուսնոյն հետ միասնաբար մեր ազգային կեանքին մէջ մտաւ,
աշխատեցաւ եւ իր զաւակները այդ շունչով մեծցուց եւ ազգանուէր ու հանրօգուտ
ծառայութիւններ մատուցանեց:
Երրորդ․ Արմէնուհին ծառայասէր էր: Իրմէ եւ իր ընտանիքէն զատ, ուրիշներու
համար իր կեանքէն ծառայական բաժին մը հանեց: Օգնեց հայ եկեղեցիին, հայ դպրոցին,
Հայ օգնութեան միութեան: Իր ամուսնոյն հետ միասին Արմէնուհին թիկունք կանգնեցաւ ազգօգուտ գործերու: Անոր ծառայութիւնները հանրածանօթ իրականութիւններ են թորոնթահայ գաղութին:Չորրորդ․ Արմէնուհին նկարագրի տէր քրիստոնեայ կին մըն էր: Նկարագրով
անբասիր, խառնուածքով՝ կշռուած, խոհեմ, եւ իմաստուն անձ մըն էր Տիկին Գոլոլեանը:
Բնաւորութեամբ՝ համեստ, խաղաղասէր, համբերող եւ անձնուրաց: Արմէնուհին լաւ
անուն մը եւ աւանդ մը ձգեց՝ հոն ուր ապրեցաւ ու ծառայեց՝ զինք ճանչցողներուն սէրն ու
յարգանքը վայելելով:
Եւ հիմա իրօք եւ ամբողջ սրտով կ’ըսենք «Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ
եղիցի»: Օրհնեալ ըլլայ Արմէնուհի Գոլոլեանի յիշատակը: Ամէն:
*Արտասանեց վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան*` Արմէնուհի Գոլոլեանին յուղարկաւորութեան. 9 յուլիս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Թորոնթօ
***
In celebration of Armenouhi Kololian’s life–a life well lived
By Vahan Kololian*
I am Vahan Kololian, and I stand before you as the proud son of Armenouhi Kololian.
Armenouhi’s life, her 92 years, is a life exemplified by love, courage and service.
I was eight years old, and my sister Nairy was four when our parents boldly decided to leave Egypt and immigrate to Canada.
For us, it did not seem to pose a hardship. Instead, our parents made the move feel like an adventure. Arriving in Toronto in July 1962 at the ages of 32 and 30, they managed to settle, find a place to live, and get us enrolled in school. There were many other things to organize—getting a driver’s license, for example.
Mother recently regaled us with the story of her driver’s test. Apparently, she took it upon herself to tell the examiner, “Look, I am a good driver. But don’t ask me to parallel park; where we come from, we leave the car in the middle of the road, and men park it in exchange for tips!” Her charms only went so far. She had to take the test a second time.
In what seemed like a short time, our father had started a business in a tiny 600 sq ft plant—K.K. Precision Parts. This is where the love and courage come in. I distinctly remember my mother’s encouraging and loving words supporting Father in taking the step and starting the business.
And soon, words became deeds when Mother became active in the business, doing all manner of work as was required.
Soon thereafter, they moved the business down the street to a slightly larger plant and bought a small bungalow across the street.
Those years were magical. Nairy and I would come home for lunch from school, as would Mother and Father from the plant. After lunch, we would return to school, and they would return to K.K. Precision across the street.
As always, Mother was the connective tissue of the family, seamlessly operating as a business partner while also being a full-time Mom. Mother also taught French part-time in the Toronto School system during the first few years in Canada.
As though her work and family life were not busy enough, Mother took on the work of co-founding the Toronto Roubina chapter of the Armenian Relief Society (ARS). The ARS Chapter grew immensely.
Then in 1979, Kevork and Armen became the cornerstone donors to establish the ARS Kololian Elementary School. This year, the school celebrated its 45th anniversary. Mother took great pride in attending every one of the opening days of the school, not having missed a single one, including the most recent school year.
In addition, during the school’s initial ten years, Mother served as its Treasurer, managing its finances. As the old adage goes, if you need to get something done, give it to a busy person.
In the many activities Mother pursued over the years, she built a very large circle of friends. These friends were present until the end, especially her Armenian Relief Society sisters. Mother also had the good fortune of having very thoughtful caregivers. We are grateful for their care and diligence. Our family took care of Mother’s needs, but as her health started to fail, I must point out that my sister, Nairy, has been a stalwart, going over and beyond the call of duty, which we all appreciate immensely.
As a family, we have also been very fortunate to maintain friendships from our days in Egypt. The greatest example of this is Reverend Tootikian, our pastor in Cairo, who is here with us today. Badveli Tootikian and his family settled in Detroit when we came to Toronto from Egypt. Reverend Tootikian has been present at many of the Kololian’s milestone events. Badveli, we appreciate you making the effort and being here on this day of celebration of Mother’s life. We appreciate Der Mikaelian and the staff of St. Mary’s Apostolic Church.
As the years went by, Nairy married Yervant and Susie and I were married. I often heard from our spouses as to how fortunate they were to have such a great mother-in-law.
As the next generation arrived, Armen was fully committed to being the lives of her grandchildren. They all carry many of the fine attributes of their grandmother.
I think it would be fitting to say let’s celebrate the life of an amazing woman, a life well lived.
*Vahan Kololian delivered this eulogy at Armenouhi Kololian’s funeral, which took place on July 9, 2024, at the St. Mary Armenian Church of Toronto.
***
Community Service is taught at the dinner table. In memory of my Grandmother
By Krikor Shahinian*
Մեծմայրս իր ամբողջ սրտով կը հաւատար գաղութային, կամաւոր աշխատանքին: Յոյսով եմ, որ կրցած եմ ըմբռնել իր մտածելակերպը եւ նուիրուածութեան սէրը, որ այդքա՜ն ուժեղ էր եւ, որ վարակեց իր զաւակները:
Community Service is taught at the dinner table.
My grandparents made the journey to Canada in 1962, leaving the lives they had led in Egypt behind. They did not look back. They were young with a new family, strong ambitions, and landed in our city. Quickly, they established a business, started earning incomes, enrolled the kids in schools, bought their home, and new life would begin to take form. Pretty soon, they would get involved in the Armenian Community, a burgeoning group of energetic immigrant families similar to them, hungry for their common language, culture, foods, etc.
A few years later, with some solid family growth, a successful business underway, and a growing community around them making their decision to come to Toronto more and more wise, my grandparents would undoubtedly start brainstorming about how to build the community and life around them further. I can picture their dinner table, the four of them, Kevork, Armen, Vahan, and Nairy, sitting and having a meal, discussing their day and goals, and so forth, but then always making part of the agenda to ask, what project could they dream of that would bolster Toronto’s Armenian community and help take it to new heights.
As many of you know, the Armenian community gathered at a rental property near Avenue and Dupont. For many years, there must have been great times, memories, laughs, and the growth of our culture on those grounds. But it was time to expand, so hundreds of dreamers came together with the plan to acquire and build the Armenian Community Centre of Toronto at 45 Hallcrown Place.
Today, we stand on the very grounds of what people dreamt of building—for us. Many of these dreamers are in attendance today. They brainstormed around their respective dinner and meeting tables and came up with plans for this magical place. Since then, the agoump has grown significantly, and we have all contributed to seeing and enjoying its continuous progress.
Going back to the Kololian dinner table for a minute, my grandmother was most proud of two things: her son and her daughter. Unsurprisingly, they grew up, and all those conversations and brainstorming sessions about volunteering and supporting your community around a fresh pot of dolma paid off.
My uncle Vahan recently capped off the Mosaic Institute, a not-for-profit that aims to dismantle prejudice and promote Canadian diversity. For this work and decades of philanthropic service, he was awarded the Order of Canada in 2021, one of Canada’s highest civilian honours. He and my aunt, Susie Kololian, continue to support many initiatives today.
My mother, Nairy, has taken on many chairpersonship roles in the agoump. She chaired the school board at ARS Day School and was Vice-Chair of the ARS Central Executive. In the early 2000s, Nairy also chaired the principal fundraising campaign of the Armenian Community Centre. Her team achieved their target one year ahead of schedule. This success helped pave the way for the purchase and development of 55 Hallcrown Place grounds, which today serve as our wonderful Lapoyan High School, Hamazkayin Auditorium and Homenetmen Gymnasium.
So, this part of my grandmother’s legacy will be present with our boys for years to come. To have conversations about community and volunteerism, in any capacity, at the dinner table with our children. To ask them, what do you think we need more of, playgrounds? How can we do that? How much does it cost? Who is going to do the work? Any pros and cons? And with our continuous efforts and their minds cultivated to build and grow for the broader community, who knows where it takes us?
Սիրելի Նենէ,
Վարձքդ կատար: Մեր կարելին պիտի ընենք, որ մեր զաւակներուն հետ մեր գաղութին ծառայելու ձեր նուիրուածութեան մասին խօսինք, սորվեցնենք ու միասնաբար իրականացնենք:
*Kirkor Shahinian delivered this eulogy at Armenouhi Kololian’s funeral, which took place on July 9, 2024, at the St. Mary Armenian Church of Toronto.
***
Armeniouhi Kololian: An exceptional member of our community
Dr. Isabel Kaprielian-Churchill
The Armenian community lost a stalwart member when Armenouhi Kololian passed away on July 4, 2024.
Many are the eulogies written and spoken in her honour. I do not pretend to compete with so many beautifully expressed thoughts for this remarkable woman. However, I am compelled to add a few heartfelt words.
Armenouhi was my dear and beloved friend. Her mother, Dikranouhi Artinian, was also my dear and beloved friend. Her daughter, Nairy Shahinian, is also my dear and beloved friend. How fortunate I am to have been and to be close to three outstanding women from three different generations of the same family!
I met Dikranouhi and Armenouhi in 1974 when I joined the Armenian Relief Society (ARS). It was a very sad time for me as I had lost my mother that year. In her memory, I continued her legacy by joining the ARS since my mother had joined the Garmir Khatch in 1934 when General Njdeh visited Hamilton. Digin Artinian took me under her wing and treated me like her own daughter. If, during a conversation--and there were many--my tears and grief welled up, she would console and comfort me. I was lucky to have such a compassionate, thoughtful friend and mentor.
In cooperation with the ARS, Digin Artinian was one of the founders of the ARS summer school and was its first principal in 1970. She encouraged me to send my three children to the new school. My youngsters were hesitant as they did not speak Armenian. Digin Artinian was kind and patient with them, as were all the teachers at the school, especially Houri Najarian. My youngsters looked forward to going to Armenian school and adored Digin Artinian.
Our friendship blossomed and I grew to love her dearly and deeply until her death in August 2001. In the meantime, I got to know her daughter, Armenouhi. It would have been too much to expect me to find the same warmth, friendship, and love with two women of the same family, but that is precisely what happened. Armenouhi became a trusted and sincere friend. How fortunate I have been!
Armenouhi was one of the visionary women to revive the ARS in Toronto. The Toronto chapter was originally founded by a group of refugee women in the 1920s, but after they died, the chapter withered away. The new wave of women revived this women’s organization in 1963-4 and brought their intelligence and diligence to make it the dynamic organization it is today with about 400 members.
Following in her mother’s footsteps, Armenouhi was dedicated to educating Armenian children. How exciting it was when Kevork and Armenouhi Kololian, in cooperation with the ARS, led the campaign to build an Armenian full-day school in Toronto in 1979--the first in Ontario! Their family’s support of the Kololian Elementary School has never faltered.
Financial donations are, without question, vital. So is hard work. For 12 years, Armenouhi volunteered as the school treasurer, which was a formidable challenge, considering the school was a new, ambitious, and unprecedented venture. Armenouhi was determined to make it a success. Not only was she courageous and fearless, but she was also far-sighted. Her work and her diplomacy to generate support for the school have contributed to its growth with an enrolment today of over 650 children, including those kiddies in the Babayan Kindergarten and the ARS Roubina Nursery.
Armenouhi passed the torch on to her daughter Nairy--my dear, sweet friend Nairy: daughter, sister, wife, mother, and grandmother. Like her mother and grandmother before her, Nairy is a pillar of the ARS Kololian Elementary School, where her daughter Hasmig, a teacher herself and school administrator, has enrolled her two daughters. Yes, the torch is passing on. Dikrnaouhi would be thrilled that her great-great-granddaughters, Lenya and Karnie, are attending the Kololian Elementary School, where her vibrant spirit still resonates.
Following family tradition, Nairy and Hasmig continue their commitment to the Roubina chapter of the ARS and, indeed, beyond, for Nairy also served as Vice-chair of the ARS Central Executive Board from 2011 to 2015.
My friend Ida Fansabedian and I visited Armen and Nairy in June 2024. We chatted, laughed, regaled each other with stories from the past, enjoyed delicious delicacies, and had a memorable afternoon together. Alas, it was the last time we saw Armen. My heart aches for her pain and suffering. Now, we all wish her eternal peace. We have been blessed by knowing and loving this exceptional member of our community.
May the good Lord illuminate her soul.
***
Տիպար եւ օրինակելի հայուհի՝ Արմէնուհի Գոլոլեանի յիշատակին
տոքտ. Անի Հասըրճեան
Ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանի մահուան գոյժը Գանատայէն կայծակի արագութեամբ հասաւ Հայաստան` խորապէս յուզելով եւ ցնցելով բոլոր զինք ճանչցողները։
Երկու ամիսներ առաջ խնդրած էր, որ հանդիպէի իրեն` ատամի վերաբերեալ հարցումի մը կապակցութեամբ։
Թէեւ կարճ էր հանդիպումը, սակայն Հայաստանի ներկայ իրավիճակին իրազէկ, ընկերուհի Արմէնուհին պահ մը իր ֆիզիքական ցաւերը մոռցած, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայով եւ ապագայով մտահոգ, իր վիշտը կը յայտնէր, յուսալով՝ երբ Հայրենիքէն վերադառնամ «մեր աշխարհէն բարի խապրիկներ կը բերեմ…»։
Աւա՜ղ, «բարի խապրիկներ» չկան եւ մեր շատ սիրելի ընկերուհի Արմէնուհին ալ «ոչ եւս է»։
«Թորոնթոհայ» թերթի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը խնդրեց տիկին Արմէնուհիին «Ի յուշ» քանի մը տող արձանագրեմ։
Անցնող 40 տարիներու ընթացքին տարբեր հանգամանքներով եղած է իմ ծանօթութիւնս տիկին Արմէնուհիին հետ։ Նախ որպէս լուսահոգի կեսուրիս մտերիմ բարեկամուհին եւ՝ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհի։ Ապա անցնող աւելի քան երեք տասնամեակը ես եղած եմ անոր ընտանեկան ատամնաբոյժը։ Վերջապէս, 2011-էն ի վեր, երբ ես անդամագրուեցայ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, պատիւ ունեցայ տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանին կոչել «Ընկերուհի»՝ բառին բուն իմաստով։
«Թորոնթոհայ»-ի համար յուշերս արձանագրելու քաղցր ու քիչ մը դժուարին պարտականութեան ճամբով՝ անմիջապէս մտաբերեցի «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի 12-ամեակի Հանգանակային հանդիսութեան առթիւ պատրաստած հարցազրոյցս «Թորոնթոհայ»-ին յարգելի քանի մը ընթերցողներու հետ։
Ուրախ էի՝ ընկերուհի Արմէնուհին այն ատեն խնդրանքս չմերժեց եւ ինչպէս միշտ, պարտաճանաչ հացումներու ցանկը փափաքեցաւ օր մը առաջ ունենալ՝ լրջօրէն մտածելու, բծախնդրօրէն գրաւոր պատրաստելու եւ վերջը արձանագրելու իր պատասխանները։
Ստորեւ քանի մը տող այդ հարցազրոյցի յուշերէն։
Երբ հարց տուի, թէ արդեօք «Թորոնթոհայ» ամսաթերթը կը կարդա՞ք, ընկերուհի Արմէնուհիին կտրուկ պատասխանն էր՝ «Մեծ հաճոյքով կը սպասեմ «Թորոնթոհայ»-ի բաշխումին եւ եթէ քիչ մը ուշանայ անհամբեր կ՚ըլլամ»։
Այն հարցումին, թէ «ո՞ր բաժինը ձեզ ամենէն շատ կը հետաքրքրէ եւ ինչո՞ւ», ընկերուհի Գոլոլեանը հայրենասիրական բարձր տրամադրութեամբ պատասխանեց․ «Ի հարկէ Հայաստանի լուրերը։ Մանաւանդ խանդավառ լուրերը եւ նկարները հոգիդ կը լեցնեն։ Յետոյ գաղութի ձեռնարկներու նկարագրութիւնները այնքան հարազատ կը գրուին, եթէ նոյնիսկ ներկայ չէք եղած, կարդալով կը զգաք ու կ՚ապրիք այնպէս թէ ներկայ էիք»։
Ի՞նչ է «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի դերակատարութիւնը եւ ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք այս թերթէն հարցումին, ընկերուհի Արմէնուհին լռիւ համոզումով պատասխանեց․ «Անյապաղօրէն պէտք է նեցուկ կանգնինք նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Ապրի՛ք բոլորդ: Իմ կարծիքով թերթը գրեթէ հասած է իր բարձրունքին, բայց ինչպէս կ՚ըսեն The sky is the limit. Թերթը եղած է մեր գաղութին բաբախող բազկերակը։ Եթէ նոր սերունդի անդամները ընթերցեն այս թերթը, անոնց հայերէնը աւելի լաւ մակարդակի կը հասնի»։
Վստահաբար այս էր նոր սերունդին հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան նպաստելու իսկական մղիչ ոյժը, որ առիթ հանդիսացաւ 45 տարիներ առաջ, 1979-ին տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան ամոլը յանձնառութիւնը ունեցան ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի մը հիմնադրութեան օժանդակելու, որպէս գլխաւոր բարերար։
Ընկերուհի Արմենուհին կը հաւատար, թէ «ինչ որ հայկական է, պատուական է»։ Իր նուիրումը, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը, անձնուիրաբար ծառայութիւնը, քաջալերանքը եւ ֆիզիքական յարատեւ ներկայութիւնը Թորոնթոյի հայ կեդրոնի բոլոր միութիւններու գործունէութիւններուն զինք դարձուցին «Տիպար եւ Օրինակելի Հայուհի», որ արժանացաւ զանազան գնահատագրերու եւ ազգային թաղումի։
«Աստուած հոգին լուսաւորէ»՝ երկնային սուրբ պսակին արժանացնելով։
Իր բոլոր հարազատներուն Սուրբ հոգիի զօրութեան, յաւիտենական կեանքի հաւատքի եւ յոյսի մխիթարութիւնը կը hայցենք` առողջութեան մաղթանքներով։
***
Տերեւաթափ
Այտա Գանձապետեան
Այսօր Թորոնթոյի հայութեան, ի մասնաւորի Հայ օգնութեան միութեան եւ «Գոլոլեան» վարժարանի լայնածաւալ անտառին մէջ մեծագոյն կաղնին ինկաւ։ Ինկաւ, բայց արմատախիլ չեղաւ։ Իր զօրաւոր արմատին ծիլերը ՝ սնանելով կաղնիին պարարտ հողէն, ժառանգելով իբրեւ ողեցոյց Արմէնուհիին համեստութիւնը, հեռատեսութիւնը, անձնուիրութիւնը, միշտ պիտի աճին, ծաղկին ու տարածուին։
Սիրելի՛ Արմէնուհի,
Թող քու անձնուէր հոգիդ սաւառնի անջրպետին ընդմէջէն՝ դէպի երկնաւոր յաւիտենական դրախտ, ուր չկայ ցաւ, այլ՝ խաղաղութիւն, անուշ մեղեդի եւ ծաղիկներու բուրում։
Թող յիշատակդ անսպառ եւ հեռատես, անդրդուելի ուղիդ միշտ պայծառ ու կանգուն մնայ մեր տխուր սրտերուն մէջ։
Թող հողդ թեթեւ ըլլայ, շատ սիրելի՛ Արմէնուհի Գոլոլեան։
4 յուլիս 2024
Թորոնթօ