ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը մեր գաղութի գոյատեւման կարեւորագոյն հիմնասիւնն է

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի այս տարուան Թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Աճէմեան-Գրժիքեան իր շնորհակալական խօսքը կ’ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս տարուան թելեթոնի յաջողութեան համար իրենց ներդրումը ունեցան: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Նայիրիին խօսքը:

Լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ եմ եւ ներկայիս ծնողք: Այս տարուան Թելեթոնի յանձանխումբի ատենապետն եմ եւ մեծ ուրախութեամբ կը գործեմ յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն հետ:

7 եւ 14 մարտին Թելեթոնի զոյգ յայտագիրները սփռուեցան «Նոր հայ հորիզոն»-ի հեռատեսիլի յայտագրէն: Կը յուսանք որ հաճոյքով դիտեցիք մեր աշակերտներուն կեանքի հատուածներն ու մօտէն ծանօթացաք՝ թէ ինչ կը պատահի մեր դասարաններէն ներս:

Շնորհակալ ենք յանձնախումբի անդամներուն եւ դպրոցի անձնակազմին, որոնք ծրագրեցին եւ յաջողցուցին մեր յայտագիրները: Հարկ է, որ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնենք «Նոր հայ հորիզոն»-ի անձնակազմին, որ ամիսներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանի ընթացքին արձանագրեցին, ժողուեցին եւ պատրաստեցին զանազան հատուածներ, որ մեր երկու շաբթուան յայտագիրը ճոխացնեն:

Տասնինը տարիներ շարունակ՝ Թելեթոնի յանձնախումբը ունի կարեւոր ու յատուկ նպատակ, այն է՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը ամբողջացնել:

Ամէն տարի կը դիմենք մեր ծնողներուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, շրջանաւարտներուն ու համայն գաղութի անդամներուն, որպէսզի նեցուկ կանգնին մեր սիրելի վարժարանին՝ հասնելու մեր թիրախին:

Դարձեալ կրցանք գերազանցել մեր 500 000 տոլարի նպատակը եւ ուրախութեամբ այսօր կը յայտարարեմ, որ հանգանակուեցաւ աւելի քան 614 000 տոլար: Շատ երախտապարտ ենք, որ ընդառաջեցիք մեր կոչին եւ ձեր առատաձեռնութեամբ գերազանցեցինք այս տարուան թիրախը:

Հարկ է՝ շնորհակալութիւն յայտնեմ վարժարանի Ծնողաց յաձնախումբին, որ իր անդամներուն ժրաջան աշխատանքով, կրցաւ 70 000 տոլարով մասնակցիլ հանգանակութեան: Եւ Ինչպէս ամէն տարի, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ մնալով պատնեշի վրայ, այս տարի եւս 65,000 տոլարով բերաւ իր մասնակցութիւնը: Նաեւ շնորհակալութիւն Հայ կեդրոնէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ «Պապայեան» հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան:

Ի վերջոյ, որպէս յանձնախումբի ատենապետ, կ’ուզեմ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնել Թելեթոնի յանձնախումբի բոլոր անդամներուն` իրենց տրամադրած երկար ժամերուն եւ բծախնդիր մօտեցումին համար: «Թորոնթոհայ» ամսագիրի այս թիւին մէջ լոյս տեսած է նաեւ մեր բոլոր նուիրատուներուն ցուցակը:

Վերջապէս՝ այս յաջողութիւնը կը պատկանի ձեզի` մեր սիրելի կամաւորներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն: Կրթական մարմինի, տնօրէնութեան եւ Թելեթոնի յանձնախումբին կողմէ կ’ուզենք մեր խորհին շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի:

Ամէն տարի մեր գաղութը կը վերահաստատէ, որ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը մեր գաղութի գոյատեւման կարեւորագոյն հիմնասիւնն է, եւ իր բոլոր կարողութիւններով կը գուրգուրայ անոր վրայ, որպէսզի ան օրէ օր աճի ու պատրաստէ մեր ապագայ հայ սերունդները, որոնք տէր պիտի կանգնին մեր հաւատքին, մշակոյթին, գաղութին, դատին ու հայրենիքին։

Շնորհակալութիւն եւ բոլորին վարձքը կատար: ֍


Այս խօսքը հրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Eve Egoyan bridges past and present in ‘Longing and belonging’ performance at Walter Hall

Next
Next

Թորոնթօն կ'ողջունէ աշխարհը. Ֆութպոլի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը պաշտօնապէս բացուեցաւ